2014-09-21 16:24:48

Զանազան դաւանանքներու կրօնապետերուն հետ հանդիպում` ''ոչ մէկը կրնայ Աստուծոյ անունը գործածել բռնութիւն բանեցնելու համար''։


Թիրանայի Մայր Թերեզա հրապարակի տարածքին մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Թիրանայի առաքելական նուիրակութիւն ուր սիրոյ սեղանը բաժնեկցեցաւ Ալպանացի եպիսկոպոսներուն եւ իրեն ընկերակից պատուիրակութեան անդամներուն հետ։
Իսկ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Նորին Սրբութիւնը, ''Բարի Խորհուրդի Տիրամայր'' անուամբ կաթողիկէ համալսարանին մէջ, հանդիպում ունեցաւ այլ կրօններու եւ այլ դաւանանքներու կրօնապետերու եւ պատասխանատուներուն հետ։
Հանդիպումին ներկայ էին երկրին իսլամ, պէքդաշի, կաթողիկէ, օրթոտոքս, աւետարանական եւ հրեայ հասարակութիւններու կրօնական ներկայացուցիչները ու անոնց ընկերացող պատուիրակութիւնները։

Հանդիպման սկիզբը Ալպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուց պատուիրակութիւնները ու բացումը կատարեց սոյն միջկրօնական հանդիպումին։
Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը յարգանքի խորին զգացումներով ողջունեց համայնքապետերը ու հաստատեց թէ ''շատ կարեւոր է որ անոնք հոս կը գտնուին միասնաբար'' եւ թէ ''այս մէկը նշանն է երկխօսութեան որ կ՛ապրիք առօրեային մէջ, ջանալով կերտել ձեր միջեւ եղբայրական յարաբերութիւն եւ համագործակցութիւն, համայն հասարակութեան բարիքին ի սպաս''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց Ալպանիայի ապրած դժբուար տարիներուն, երբ գաղափարախօսութեան մը անունով ջանք թափուած էր բացառել զԱստուած ընկերութենէն ու պաշտել այլ չաստուածներ, մարդ արարածը մղելով կորսնցելու ինքզինք ու անոր արժանաւորութիւնն ու իրաւունքները արհամարուելու։
''Դուք քաջ տեղեակ էք թէ ո՞ւր կրնայ առաջնորդել խղճի ու կրօնի ազատութեան զրկումը'' ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով 90ական թուականներէն ետք իրագործուած փոփոխութիւններուն ու անոնց դրական հետեւանքներուն ընկերային կեանքէն ներս։
Սրբազան Հայրը ապա մէջբերեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը` ''կրօնական ազատութիւնը ոչ միայն Աստուածային պարգեւ մըն է անոնց որոնք ունին հաւատքի շնորհքը այլ պարգեւ մըն է բոլորին. որովհետեւ հաւաստիացումն է որեւէ այլ ազատութեան արտայայտութեան....կրօնական ազատութիւնը բռնատիրութիւններու դէմ պաշտպանութիւն է եւ ներդրում մարդկային եղբայրութեան։

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ ''իսկական կրօնը աղբիւր է խաղաղութեան եւ ոչ թէ բռնութեան'' ու աւելցուց թէ ''ոչ մէկը կրնայ Աստուծոյ անունը գործածել բռնութիւն բանեցնելու համար։ Աստուծոյ անունով սպաննութիւնը սրբապղծութիւն է'' - ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց` իւրայատուկ կրօնական աւանդութեան չպատկանող անձերուն մէջ տեսնել ոչ թէ հակարակորդ մը այլեւ եղբայր ու քոյր մը։ ''Ամէնքս ի վերջոյ ուխտաւորներ ենք այս աշխահին մէջ, ու մեր այս ճանապարհոդութեան ընթացքին կախեալ ենք մէկը միւսէն – ըսաւ Ան - ու յանձնարարեց աշխատիլ հասարակաց բարիքին ի խնդիր։ Որքան աւելիով ուրիշին կը ծառայենք այնքան աւելիով ազատ ենք ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով ներկայ ընկերութեան մէջ տիրող աղքատութիւնը ու ընկերային արդարութեան պակասը։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց քաջալերելով բոլոր ներկաները շարունակելու իրենց ընթացքը բացայայտելով թէ զանազան կրօններու միջեւ սիրալիր համագործակցութիւնը կարելի է։

''Բարի Խորհուրդի Տիրամայր'' անուամբ կաթողիկէ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած կրօնապետերու հետ հանդիպումի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ժամը 17-ին հանդիսապետեց ժամասացութեան արարողութիւնը, տեղական կղերի, կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներու, նորընծաներու եւ աշխարհական շարժումներու անդմաներու մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։
Ժամը 18,30-ին, Սրբազան Քահանայապետը կ՛ացյելէ ''Պեթանիա'' բարեսիրական կեդրոնը, հանդիպելով այնտեղ խնամուած մանուկներուն եւ Ալպանիայի այլ բարեսիրական կեդրոններու պատասխանատուներուն։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հօր Ալպանիա կատարած միօրեայ այցելութիւնը վերջ կը գտնէ երեկոյեան ժամը 19,45-ին, հրաժեշտի արարողութեամբ, որ տեղի կ՛ունենայ Թիրանայի ''Մայր Թերեզա'' միջազգային օդակայանին մէջ, եւ որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կը բարձրանայ օդանաւ եւ կ՛ուղղուի դէպի Հռոմ` ուր կը ժամանէ երեկոյեան ժամը 21,30-ին, Չամփինօ օդակայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.